Գիրքի Պատրաստութեան Միջդպրոցական Մրցանակաբաշխութիւն
Picture

Երէկ` ուրբաթ, 7 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի  Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ 2013-ի «Հայ մօր տարի» հռչակման առիթով տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան- գրատարածի կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի:

Picture

Գեղամ արք. Խաչերեան
Picture

Յակոբ Հաւաթեան
Picture

Սրբուհի Պազարպաշեան
Picture

Սարգիս Նաճարեան
Picture

Ռոզեթ Ալեմեան
Հանդիսութեան ներկայ էին, տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ, մեծ թիւով աշակերտներ եւ գիրքի բարեկամներ: Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի գրատարածի անձնակազմի անդամ Սրբուհի Պազարպաշեան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան-գրատարածի տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնց գործակցութեամբ կարելի եղաւ երրորդ տարին ըլլալով իրագործել այս օգտաշատ ծրագիրը: Հաւաթեան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ մրցանքի դատական կազմի անդամներ Սարգիս Նաճարեանին, Ռոզեթ Ալեմեանին, Վերա Կոստանեանին, Նորա Բարսեղեանին եւ Եսայի Հաւաթեանին, որոնք ընդառաջեցին հրատարակչատան առաջարկին: Ան իր երախտագիտական խօսքը փոխանցեց առաջնորդ սրբազանին եւ անոր ճամբով Ազգային առաջնորդարանի «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտին, որ ստանձնեց մրցանակակիր գիրքերու հատորի տպագրութեան մեկենասութիւնը: Ան մատնանշեց նաեւ, որ անցնող քանի մը ամիսներուն Համազգայինի գրատարածը դպրոցական շրջուն ցուցահանդէսով եւ գրասէր հանրութեան յատուկ ծրարներու պատրաստութեամբ յաջողած է շուրջ վեց հազար մանկական, պատանեկան, ինչպէս նաեւ պատմական եւ գրական հատորներ ցրուել գաղութին մէջ:

Ապա խօսք առաւ դատական կազմի անդամ Սարգիս Նաճարեան, որ գնահատեց Համազգայինի հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը թէ՛ իբրեւ գաղափար եւ թէ՛ իբրեւ նպատակ: Ան գնահատանքով անդրադարձաւ աշակերտներուն ցուցաբերած լրջութեան եւ հաստատեց, որ բոլոր գիրքերն ալ արժանի են մրցանակի:

Դատական կազմի անդամ Ռոզեթ Ալեմեան յայտարարեց արդիւնքները`

Եօթներորդ Դասարան

Առաջին
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Երկրորդ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան

Երրորդ
Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան վարժարան

Պատուոյ յիշատակութիւն
Հայ աւետարանական քոլեճ

Իններորդ դասարան

Առաջին
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Երկրորդ
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան

Երրորդ
Թէքէեան վարժարան

Պատուոյ յիշատակութիւն
Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարան

Ութերորդ դասարան

Առաջին
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան

Երկրորդ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Երրորդ
Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարան

Պատուոյ յիշատակութիւն
Թէքէեան վարժարան
Հայ կաթողիկէ Գ. Հարպոյեան վարժարան

Տասներորդ դասարան

Առաջին
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան
Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ


Երկրորդ
Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան

Յայտնենք, որ վերամուտին գիրքերու այս հաւաքածոյի հատորը սեփականութիւնը պիտի դառնայ մասնակից վարժարաններու աշակերտութեան:

Յայտնենք, որ վերամուտին գիրքերու այս հաւաքածոյի հատորը սեփականութիւնը պիտի դառնայ մասնակից վարժարաններու աշակերտութեան:

Մեր Առօրեայէն. Գիրքը` Մեր Մտքին Հացը

Եռուզեռ կայ Համազգայինի “Լիւսի Թիւթիւնճեան” ցուցասրահին սեմին եւ շուրջը: Պարման աշակերտներ կը թրվըռան ուրախութեամբ: Պահը տօնական է: Համազգայինի “Վահէ Սէթեան” հրատարակչատան եւ գրատարածին կազմակերպած գիրքի պատրաստութեան միջդպրոցական մրցանքին մրցանակաբաշխութիւնը պիտի կատարուի: Խճողուած բազմութեան մէջէն կը մտնենք սրահ: Ժամը ճիշդ 6:00-է…

June 7, 2013 @ 07:30
7:30 am — 7:30 am ()

Share this!