Exhibition by Sirvart FAZLIAN
Painting exhibition by Sirvart Fazlian Featuring 45 watercolors opened at Hamazkayin Art Gallery.

Սիրվարդ Ֆազլեանի ջրաներկ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացում.

Սիրվարդ Ֆազլեանի ջրաներկ ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսի բացում 

Picture

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին, Հինգշաբթի, 3 Փետրուար 2011-ին, երեկոյեան ժամը 6։30-ին, բացումը կատարուեցաւ գեղանկարիչ Սիրվարդ Ֆազլեանի գործերուն։

Այս առիթով խօսք արտասանեց Լոլա Պէօյիւքեան. ան մէջբերում կատարեց Շարլ Պոտլերի նշանաւոր խօսքերէն, ուր ան կþըսէ, թէ գեղանկարչութիւնը պայքար մըն է բնութեան եւ արուեստագէտին միջեւ՝ աւելցնելով, որ իսկական արուեստագէտը կը մեկնաբանէ բնութիւնը եւ ոչ թէ կ՚ընդօրինակէ զայն։
Խօսելով Ֆազլեանի գործերուն մասին՝ ան հաստատեց, որ Սիրվարդ Ֆազլեան իր գործերուն ընդմէջէն կ՚արտայայտէ իր զգացումները, տեսակէտները, նկարագիրը եւ հոգեկան աշխարհը։ Ֆազլեանի գործերուն մէջ մենք կը տեսնենք հայ կինը, մայրը եւ մեծ մայրը՝ հարազատ կերպարներու ընդմէջէն։ Լոլա Պէօյիւքեան նաեւ ըսաւ. «Դուք այստեղ շրջապատուած էք ճշմարիտ տեսարաններով, որոնք փոխանցելիք պատգամներ ունին, եւ դուք ահաւասիկ ըմբոշխնելով այս գեղանկարները՝ պիտի յայտնաբերէք գաղտնիքներ եւ խորունկ մտածումներ ու միտքեր»։

Ապա խօսք առաւ արուեստագէտ Սիրվարդ Ֆազլեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանին եւ Համազգայինին, որ այս ցուցասրահին մէջ առիթ կ՚ընծայէ արուեստագէտներուն ներկայացնելու իրենց գործերը արուեստասէր հանրութեան։ Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք հաւատալով իր աշխատանքին կը քաջալերեն իր արուեստը։

Ցուցասրահին մէջ կը ցուցադրուին Սիրվարդ Ֆազլեանի՝ բնութեան տարբեր երեւոյթները ներկայացնող 45 ջրաներկ գեղանկարներ։ Ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 14 Փետրուար 2011։


February 3, 2011 @ 07:30
7:30 am — 7:30 am ()

Share this!