«Երազային Հալէպը» Լուսանկարներու Ցուցահանդէս
Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, հինգշաբթի, 6 յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, բացումը կատարուեցաւ «Երազային Հալէպը» խորագիրով լուսանկարչական ցուցահանդէսին` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ:

«Պատկերը աւելի խօսուն կ՛ըլլայ, քան խօսքը»


Հռչակաւոր ջութակահար եւ Հայաստանի լրագրողներու միութեան անդամ Արմէն Ճենտերեճեանի լուսանկարներու այս ցուցահանդէսը կ՛ընդգրկէ Հալէպ քաղաքի տեսարժան վայրերու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ տեսարաններ փողոցներու, որոնք այսօրուան դրութեամբ կրնան քանդուած ըլլալ Սուրիոյ ցաւալի իրադարձութիւններուն պատճառով:

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սարգիս Կիրակոսեան, որ ըսաւ. «Պատկերը աւելի խօսուն կ՛ըլլայ, քան խօսքը»: Կիրակոսեան նշեց, որ այս ցուցահանդէսը կրկնակի նշանակութիւն ունի, որովհետեւ իւրաքանչիւր նկար կը ներկայացնէ անշարժ բանաստեղծութիւն մը, որ կը դրսեւորէ արուեստագէտ Արմէն Ճենտերեճեանի մտքի խոյանքը, իւրաքանչիւր լուսանկար սիրոյ, երախտիքի եւ կարօտի վկայութիւն է Հալէպի նկատմամբ: Իր խօսքի աւարտին, Կիրակոսեան ցուցահանդէսի հաւաքածոն որակեց սիրոյ արտայայտութիւն, արուեստի բանաստեղծութիւն եւ ձեւային ու գունային ներդաշնակութիւն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ լուսանկարիչ Արմէն Ճենտերեճեան` շնորհակալութիւն յայտնելով նախ եւ առաջ սրբազան հօր` այս ցուցահանդէսին իր հովանաւորութեան համար, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան այս ցուցահանդէսի յաջողութեան մէջ:

Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը կը հանդիսանայ այն վայրը, ուր ոչ միայն արուեստի գործեր կը ցուցադրուին, այլ նաեւ գեղեցիկ մտքեր կը հանդիպին:

Ողջունելով նախաձեռնութեան նպատակը` Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ այս նկարները արժեւորելու համար պէտք է զանոնք  դիտել արուեստագէտի աչքով: «Այս նախաձեռնութեան արժեւորումը իր բերած նիւթական արժեչափին մէջ պէտք չէ տեսնել, այլ անոր բարոյական եւ հոգեկան ապրումներուն մէջ, մեր` սրտով ու հոգիով հալէպահայութեան կողքին ըլլալուն մէջ», յայտնեց առաջնորդ սրբազանը` սուրիահայութեան մաղթելով խաղաղութիւն:

Ապա ներկաները շրջագայեցան ցուցասրահին մէջ` մասամբ յուզումով եւ մասամբ կարօտով դիտելու երազային Հալէպի փողոցները եւ պատկերները: Ցուցադրուած հաւաքածոն կ՛ընդգրկէ նաեւ Քեսապ, Սետնայա եւ այլ վայրերու լուսանկարներ, ինչպէս նաեւ` Արարատ լերան պատկերներ:

Նշենք, որ ցուցահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի սուրիահայութեան օժանդակութեան ֆոնտին:

June 10, 2013 @ 07:30
7:30 am — 7:30 am ()

Share this!