«Օսմանեան Կայսրութեան Հայերը» Աշխատութեան Ա. Հատորի Շնորհահանդէսը
Հովանաւորութեամբ Հայկազեան համալսարանին, գործակցութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, երէկ` հինգշաբթի, 15 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» աշխատութեան Ա. հատորին շնորհահանդէսը: Ձեռնարկը կազմակերպուեցաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Լիբանանի հայերը» գիտաժողովին ծիրին մէջ, որ սկիզբ առած էր չորեքշաբթի, 14 մայիսին, Հայկազեան համալսարանին մէջ:

Picture

Ձեռնարկին բացման խօսքը Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով արտասանեց Մարալ Ղարիպեան-Գալեմքերեան, որ նշեց, թէ կը գտնուինք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումի հանգրուանին մէջ, եւ ցեղասպանը կը ցուցաբերէ աշխուժ գործունէութիւն, հայութիւնը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ծառայեցնելու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման` ներազգային եւ միջազգային մակարդակներու վրայ:

Գիտական լուրջ ուսումնասիրութիւններու, ցեղասպանութեան վաւերականութիւնը աւելիով խորացնելու աշխատանքներու ծիրին մէջ պէտք է դիտել «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» գիրքին հրատարակութիւնը:

Ապա խօսք առաւ Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, որ ընդգծեց հրատարակութեան հիմնական յատկանիշները` նշելով, որ յուշամատեանի հրատարակութեան այս պատկերագիրքը կը յատկանշուի խօսքի եւ նկարի միաձուլումով: Հատորը շօշափելի կը դարձնէ երեւակայութեամբ պատկերուածը, կը շնչաւորէ զայն ու կը կենդանացնէ, անցեալի պատումը կը վերածէ ներկայի, եւ վերակերտելով կը վերականգնէ անցեալը:

Ապա խօսք առաւ, «Յուշամատեան» կայքի տնօրէն, պատմաբան դոկտ. Վահէ Թաշճեան, որ ներկայացուց Հայկազեան համալսարանի եւ Գերմանիոյ Պամպերիկի համալսարանի թրքագիտութեան բաժանմունքին գործակցութեամբ եւ «Յուշամատեան»-ի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած «Օսմանեան կայսրութեան հայերը» աշխատութեան Ա. հատորը:

Դոկտ. Վահէ Թաշճեան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատելով տպագիր հրատարակութիւններու մնայուն արժէքը, անդրադարձաւ նաեւ «Յուշամատեան»-ի համացանցային տարբերակի աշխատանքներուն, որոնք սկսած են 2010 թուականին, սակայն տպագրուած օրինակի գաղափարին յաջողութիւնը եկաւ մէկտեղելու եւ յաւերժացնելու աշխատանքին արդիւնքը, որ իր առաջին հատորով լոյս տեսաւ, եւ յոյսով ենք, որ հատորներու շարքին հրապարակումը շարունակուի, նշեց ալպոմ-գիրքի խմբագիրը:

Ապա դոկտ. Թաշճեան անդրադարձաւ հրատարակութեան մէջ տեղ գտած պատկերներուն, ինչպէս նաեւ ներկայացուց հինգ յօդուածները եւ յօդուածագիրները:


For more photos from this exhibition, visit the Flickr album.

May 15, 2014 @ 07:30
7:30 am — 7:30 am ()

Share this!