Թէհլիրեանի «Արդարահատոյցը» հատորի լոյս ընծայում
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Սեմին Թէհլիրեանի «Արդարահատոյցը»` Նորահաս Սերունդի Գաղափարական Ներշնչարան
«Թէհլիրեան. Արդարահատոյցը» գիրքը 1981-ին հրատարակուած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ, իսկ այսօր կը վերահրատարակուի Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ: Գիրքին զոյգ հրատարակութիւններուն խմբագրութիւնը ստանձնած է Յարութիւն Քիւրքճեան, որ այս նոր հրատարակութեան առիթով իր խօսքին մէջ կը յիշէ, թէ «բոլոր կենսական աշխատանքներուն կողքին, կենսական կը մնայ ե՛ւ դաստիարակչական գործը, ոգեղէն լիցք ստեղծելու, պահպանելու գործը: Թէհլիրեաններու, Շիրակեաններու, Երկանեաններու աւանդը վերանորոգելու, աճող սերունդները անոնցմով օծելու գործը»: Այս խօսքէն ետք վերարտադրուած է նաեւ 32 տարի առաջ խմբագրուած հատորին յառաջաբանը, որուն մէջ նաեւ օրին յիշուած է. «Ինքնին հասկնալի, բացայայտ այս իրողութիւնը կ՛արժէ յիշեցնելու կրկնել, աւելին` անով ապրի՛լ, որքան ատեն որ գլխաւոր շահագրգռեալը` Թուրքիան, նաեւ միւս բոլոր շահագրգռեալները չեն համոզուած, չեն հարկադրուա՛ծ` բարւոք լուծում մը բերելու հայկական անլոյծ Հարցին»:

Հատորը կը բաղկանայ եօթը մասերէ: Յաջորդաբար կը ներկայացուին Հայոց ցեղասպանութեան եւ անոր պատասխանատուութիւններուն մասին հակիրճ նկարագրութիւն մը, «Հայկական Նիւրեմպերկը»` Սիմոն Վրացեանի պատմողականով, Հատուածներ` Թէհլիրեանի յուշերէն, սղագրական արձանագրութիւն Սողոմոն Թէհլիրեանի դատավարութեան, արձագանգներ ժամանակակից մամուլէն, յարակից փաստաթուղթեր եւ վերջաւորութեան նիւթեր` ՀՅԴ-ի արխիւէն: Սոյն հատորով Սողոմոն Թէհլիրեանի աքթը քաղաքական նշանակութենէն անդին կ՛երթայ, երբ նկատի կ՛առնենք Թէհլիրեան մարտիկը եւ անոր մատաղ կեանքին գիծերը: Ան ծնած է 1896-ին, Բագառիճ գիւղը: 1914-ին մաս կազմած է Սեպուհի վաշտին: Արեւմտեան Հայաստանի դատարկումն ու Եղեռնը, որուն զոհ գացած էին իր մայրն ու բոլոր ազգականները, զինք կը ցնցեն եւ վրէժխնդրութեամբ կը լեցնեն: 1919-ին կը սպաննէ մատնիչ մուխթար Յարութիւն Մկրտիչեանը, իսկ 15 մարտ 1921-ին Պերլինի մէջ կ՛ահաբեկէ հայ ազգին գլխաւոր դահիճը` Թալէաթ փաշան: Կը ձերբակալուի, բայց 3 յունիսին անպարտ կ՛արձակուի աղմկալի դատավարութենէ մը ետք, ուր զինք ջերմապէս կը պաշտպանէ տոքթ. Լեփսիուս:

Հատորը լոյս կը տեսնէ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Արմանտ եւ Սոնիա Սիմոնեաններու, ի յիշատակ իրենց հօր` Արշաւիր Սիմոնեանի, որ ծնած է 1891-ին, Նախիջեւան, աւարտած է Ս. Փեթերսպուրկի զինուորական դպրոցը, ծառայած է ռուսական կայսերական զօրքին մէջ եւ պարգեւատրուած` իր պատերազմական զանազան սխրանքներուն համար: Մաս կազմած է ՀՅԴ-ի շարքերու կամաւոր կռուողներուն եւ իբրեւ սպայ մասնակցած է Գարեգին Նժդեհի ու զօրավար Անդրանիկի մղած ճակատամարտերուն: Արշաւիր Սիմոնեան ազգային, իտէալապաշտ բանակայինին համար` հայն ու հայութիւնը ամէն արժէքէ վեր նկատուած են, իսկ հայրենիքի ազատագրումը` ամէն բանէ առաջ:

Այս առիթով, երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, ներկայութեամբ հատորի մեկենասին եւ իր հարազատներուն, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առաջին քարտուղարին, մարմիններու ներկայացուցիչներու, մտաւորականներու եւ Համազգայինի բարերարներու, տեղի ունեցաւ հատորի լոյս ընծայման առիթով մտերմիկ ընդունելութիւն մը:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան կողմէ Սոնա Թիթիզեան ներկայացուց հատորը, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց հատորի մեկենաս տէր եւ տիկին Արմանտ եւ Սոնիա Սիմոնեաններուն: Ան իր խօսքը եզրափակեց հաստատելով, որ այս հատորին վերահրատարակութեամբ կը շեշտուի ա՛յն գաղափարը, թէ Սողոմոն Թէհլիրեանի եւ իր նմաններուն աքթերը, այսօր ե՛ւս պարտին խորհրդածութեան եւ գործարկման էական նիւթերը դառնալ մանաւա՛նդ մեր նոր սերունդներուն, պահանջատէր  երիտասարդութեան համար:

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այս հատորի հրատարակութեան կարեւորութեան, վեր առնելով անոր առաքելութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին նորահաս սերունդներուն մօտ պահանջատիրական ոգին արմատացնելու, ինչպէս նաեւ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը խորացնելու տեսակէտէն: Հաւաթեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հատորի մեկենասին, ինչպէս նաեւ այն բոլոր անհատներուն, որոնք դերակատար դարձան այս գիրքի հրատարակութեան: Ապա ան անդրադարձաւ Համազգայինի հրատարակչական գալիք ծրագիրներուն եւ այդ բոլորին մէջ կենսական նկատեց մեկենասներուն դերակատարութիւնը` իբրեւ հաւաքական ճիգի մը արգասիքը հանդիսացող պատուաբեր նախաձեռնութիւն:

Աւարտին, իր խօսքը փոխանցեց նաեւ հատորի մեկենաս Արմանտ Սիմոնեան, որ շնորհակալութիւն յատնեց իրեն ընձեռուած մեկենասութեան այս առիթին համար` հաստատելով, որ իր հօր տիպարային ներկայութիւնը միշտ ալ ճառագայթող է իրենց ընտանեկան օճախին վերեւ, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ Թէհլիրեանի եւ այլ հերոսներու ճամբով է, որ կերտուեցաւ եւ կը շարունակէ կերտուիլ հայոց փառապանծ պ
ատմութիւնը:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

To see more photos from this event, visit the event’s album on Flickr.

July 17, 2014 @ 07:30
7:30 am — 7:30 am ()

Share this!