Քառամեայ Գործունէութեան Տեղեկագիրի Ներկայացում
Երէկ` երկուշաբթի, 19 մայիսի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան – գրատարածի եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութիւնը ներկայացուց 2010-2014 տարեշրջանի գործունէութեան տեղեկագիրը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ ու նախկին անդամներուն, տպարանի խնամակալութեան, հրատարակչական մարմինին, ցուցասրահի վարչութեան, հաստատութեան բարերարներուն եւ միութենական պատասխանատուներու: Հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:

Picture


Հաստատութեան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան ներկայացուց հաստատութեան չորս կառոյցներու` տպարան-հրատարակչատան, գրատարածի, գրախանութի եւ ցուցասրահի գործունէութեան քառամեայ տեղեկագիրը: Ան նախ եւ առաջ անդրադարձաւ այն հիմնական առաջադրանքներուն եւ ծրագիրներուն, որոնք մշակուած էին չորս  տարի առաջ տնօրէնութեան եւ իր կողքին գործող տպարանի խնամակալութեան, հրատարակչական մարմինի, ինչպէս նաեւ ցուցասրահի վարչութեան կողմէ եւ անդրադարձաւ այդ բոլոր ծրագիրներուն գործնականացման հանգրուաններուն եւ ձեռք բերուած արդիւնքներուն:

Ան ընդհանուր արժեւորում մը կատարեց Լիբանանի ներկայ տպարանային մարզի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն, այդ բոլորին մէջ տեղադրեց Համազգայինի տպարանի գործունէութեան հոլովոյթը եւ մանրամասնեց քառամեակի աշխատանքները:

Հաւաթեան յայտնեց, որ անցեալ քառամեակին, տպարանը օժտուած է տպագրական արդիական նոր կազմածով եւ այլ սարքերով: Ան ընդարձակած է հայկական միութիւններու եւ հաստատութիւններու հետ իր համագործակցութեան ծիրը:

Ան հրատարակչական մարզին մէջ ներկայացուց վերջին չորս  տարիներու Համազգայինի հրատարակութիւնները եւ հաստատութենէն լոյս տեսած մնացեալ գիրքերը: Այստեղ նշեց նաեւ այն մարտահրաւէրները, զորս ներկայիս սփիւռքի մէջ կը դիմագրաւէ հայ գիրքը:

Հաւաթեան գրատարածման աշխատանքներու ծիրին մէջ անդրադարձաւ գրատարածման այն նոր մեթոտներուն, որոնք որդեգրուեցան անցնող չորս տարիներուն ընթացքին, ինչպէս նաեւ այս իմաստով առանձնացուց Հայաստանի հետ ստեղծուած կապերը եւ միջազգային ցուցահանդէսներու մասնակցութիւնը: Այստեղ ան անդրադարձաւ նաեւ կազմակերպուած աշակերտական այն ցուցահանդէսներուն, ընթերցանութեան եւ գիրքի պատրաստութեան մրցանքներուն, որոնց ճամբով հաստատութիւնը փորձեց իր ներդրումը բերել նորահաս սերունդին մօտ հայ գիրքի հանդէպ հետաքրքրութեան ստեղծման ու ծաւալման:

Անդրադառնալով գրախանութի գործունէութեան` ան հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ գրախանութը բաւական մեծ պարտաւորութիւն է հաստատութեան համար, սակայն անոր գործունէութեան ճառագայթումը կարեւոր է հայ գիրքի տարածման իմաստով: Ան ուրախութեամբ յայտնեց, որ 2010 թուականին հաստատութիւնը օժտուեցաւ նոր ու շքեղ գրախանութով մը` բարերարութեամբ տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Մարալ Քիւրքճեաններու:

Խօսելով ցուցասրահի գործունէութեան մասին` Հաւաթեան յայտնեց, որ անցնող քառամեակին ցուցասրահը կազմակերպած է 52 անհատական եւ հաւաքական ցուցահանդէսներ: Ան հաստատեց, որ նորաստեղծ այս ցուցասրահը իր գործունէութեամբ դարձաւ կարեւոր պատուհան մը` բացուելու դէպի տեղացի մշակութասէր հանրութիւն: Ան շեշտեց ցուցասրահի վարչութեան աշխուժ գործունէութիւնը անցնող չորս տարիներուն ընթացքին, ինչ որ իր դրական ներդրումը ունեցաւ նորաստեղծ կառոյցի կայացման հոլովոյթին վրայ: Այստեղ նաեւ անդրադարձաւ հայրենի գեղանկարիչներու հետ ստեղծուած սերտ եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հաստատեց այն իրողութիւնը, որ հաստատութեան հետ գործակցած բոլոր արուեստագէտներուն գնահատումները  եղած են դրական եւ այդ մէկը նաեւ իր դրական անդրադարձը ունեցած է ցուցասրահին շուրջ ստեղծուած հետաքրքրութիւնը աւելցնելու առումով: Ան յայտնեց, որ ցուցասրահը կը մասնակցի Պէյրութի մէջ կազմակերպուած միջազգային ցուցահանդէսներուն:

2013 տարեշրջանին ցուցասրահի տարածքը ընդարձակուած է եւ օժտուած 2-րդ յարկի վրայ մեծ սրահով մը: Այս ծրագիրին իրագործման սատարած են Համազգայինի խումբ մը բարեկամներ եւ բարերարներ:

Հաւաթեան ներկայացուց նաեւ անցնող քառամեակի պաշտօնէութիւնն ու անձնակազմը: Ան անդրադարձաւ նաեւ տնտեսական ընդհանուր կացութեան եւ տուեալներու ներկայացումով հաստատեց, որ քառամեակի ընթացքին հաստատութիւնը յաջողած է նկատառելի արդիւնք ձեռք բերել: Ան աւելցուց, որ ցուցասրահի ընդարձակման զուգահեռ հիմնական նորոգութեան եւ բարեփոխման ենթարկուած են հաստատութեան վարչական, խմբագրական եւ գեղարուեստական ձեւաւորումի գրասենեակները:

Եզրակացնելու համար տնօրէնը յայտնեց, որ անցնող քառամեակը հաստատութեան համար դարձած է կարեւոր հանգրուան մը` շնորհիւ հաւաքական ճիգով ձեռք բերուած նուաճումներուն, որոնք վստահաբար պիտի դառնան ամուր յենարան յառաջիկայ քառամեայ գործունէութեան:

Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց հաստատութեան կողքին գործող յանձնախումբերու անդամներուն եւ ընդհանուր գործին սատարած բոլոր բարերարներուն, նուիրատուներուն եւ մեկենասներուն:

Աւարտին տեղի ունեցաւ զրոյց եւ հիւրասիրութիւն:


May 19, 2014 @ 07:30
7:30 am — 7:30 am ()

Share this!