Շահան Գանտահարեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց «Սօսի» յիշատակի ու «Եռագոյն» ֆոնտերուն եւ խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին, որ իր կարգին գնահատեց աշակերտներն ու հայկական վարժարանները, որոնք բծախնդրութեամբ կը մօտենան մայրենիին, մանաւանդ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ արեւմտահայերէնի գոյատեւումը վտանգի ենթակայ է, հետեւաբար, Ճինպաշեան նպատակայարմար նկատեց քարոզչական բնոյթի ձեռնարկներէն աւելի թափ տալ դաստիարակիչ ու խորք ունեցող ձեռնարկներուն, ինչպիսիք են «Պզտիկ-մզտիկ» խմբագրակազմին կազմակերպած ձեռնարկները:
Յայտագիրի վերջին մասով տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանակները բաշխեցին Շահան Գանտահարեան, Մելքոն Յակոբեան, Րաֆֆի Սիսլեան, Տիգրան Ճինպաշեան եւ Ռիթա Պոյաճեան: Անշուշտ, ինչպէս միշտ այս տարի եւս մրցանակակիրներուն նուէրները տրամադրուած էին «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին կողմէ: Մեր ջերմ շնորհակալութիւնները «Պզտիկ-մզտիկ»-ի բոլոր բարերարներուն եւ ի մասնաւորի «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին եւ «Եռագոյն» ֆոնտին:
“ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ”-Ի “ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ” ՄՐՑՈՒՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ
Երէկ` երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2011-ին “Ազդակ”-ի “Փիւնիկ” սրահը ողողուած էր “Անսխալ գրենք” մրցումին մրցանակակիրներով եւ ծնողներով: Երեկոյեան ժամը 6:40-ին “Պզտիկ-Մզտիկ”-ի խմբագրական կազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն “Ազդակ”-ի մանկապատանեկան յաւելուած “Պզտիկ-Մզտիկ”-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած ձեռնարկները: