Մրցանակաբաշխութիւն «Անսխալ Գրենք» Մրցումին
Picture

Կաղանդի նախօրեակին, երէկ` չորեքշաբթի, 26 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-մզտիկ»-ի կազմակերպած «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակաբաշխութիւնը` Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ: 43 մրցանակակիր աշակերտները իրենց ծնողներով ողողած էին սրահը` տօնական զուարթ մթնոլորտը յաւելեալ խինդով ու ուրախութեամբ ճոխացնելով: Սրբուկ Ճենանեանի կողմէ բացման  բարի գալուստի խօսքէն ետք շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ հայկական բոլոր վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ հայերէնի դասատուներուն, որոնց խրախուսանքով եւ ճիգով ամէն տարի կ՛աւելնայ մրցումին մասնակիցներուն թիւը, միաժամանակ` մրցանակակիրներուն թիւը, ինչ որ գնահատանքի արժանի երեւոյթ է:

Picture

Ապա խօսք առաւ «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի տնօրէնութեան, որ սիրայօժար տրամադրեց ցուցասրահը մրցանակաբաշխութիւնը կատարելու: Գանտահարեան բարձր գնահատեց հայկական վարժարաններու գործակցութիւնն ու աշակերտներու պատրաստուածութիւնը անսխալ գրելու մայրենին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց բոլորը` դպրոցներ, ծնողներ եւ աշակերտներ, որոնց միացեալ աշխատանքին արդիւնքն է այս յաջողութիւնը: Նշուեցաւ, որ այս տարի «Պզտիկ-մզտիկ»-ը թեւակոխեց իր ստեղծման 10-ամեակը, որ յատկանշուեցաւ մրցանակակիրներու Հայաստան ուղեւորութեամբ` հետեւելու համար կրթադաստիարակչական ծրագիրի մը, որ իրականացաւ «Եռագոյն» ֆոնտի աջակցութեամբ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

Շահան Գանտահարեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց «Սօսի» յիշատակի ու «Եռագոյն» ֆոնտերուն եւ խօսքը փոխանցեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին, որ իր կարգին գնահատեց աշակերտներն ու հայկական վարժարանները, որոնք բծախնդրութեամբ կը մօտենան մայրենիին, մանաւանդ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ արեւմտահայերէնի գոյատեւումը վտանգի ենթակայ է, հետեւաբար, Ճինպաշեան նպատակայարմար նկատեց քարոզչական բնոյթի ձեռնարկներէն աւելի թափ տալ դաստիարակիչ ու խորք ունեցող ձեռնարկներուն, ինչպիսիք են «Պզտիկ-մզտիկ» խմբագրակազմին կազմակերպած ձեռնարկները:

Յայտագիրի վերջին մասով տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Մրցանակները բաշխեցին Շահան Գանտահարեան, Մելքոն Յակոբեան, Րաֆֆի Սիսլեան, Տիգրան Ճինպաշեան եւ Ռիթա Պոյաճեան: Անշուշտ, ինչպէս միշտ այս տարի եւս մրցանակակիրներուն նուէրները տրամադրուած էին «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին կողմէ: Մեր ջերմ շնորհակալութիւնները «Պզտիկ-մզտիկ»-ի բոլոր բարերարներուն եւ ի մասնաւորի «Սօսի» յիշատակի ֆոնտին եւ «Եռագոյն» ֆոնտին:


“ՊԶՏԻԿ-ՄԶՏԻԿ”-Ի “ԱՆՍԽԱԼ ԳՐԵՆՔ” ՄՐՑՈՒՄԻ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Երէկ` երեքշաբթի, 27 դեկտեմբեր 2011-ին “Ազդակ”-ի “Փիւնիկ” սրահը ողողուած էր “Անսխալ գրենք” մրցումին մրցանակակիրներով եւ ծնողներով: Երեկոյեան ժամը 6:40-ին “Պզտիկ-Մզտիկ”-ի խմբագրական կազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան բացման խօսքով շնորհակալութիւն յայտնեց հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ ուսուցչական կազմերուն, որոնք միշտ կը քաջալերեն “Ազդակ”-ի մանկապատանեկան յաւելուած “Պզտիկ-Մզտիկ”-ի խմբագրական կազմի կազմակերպած ձեռնարկները:

December 26, 2012 @ 07:30
7:30 am — 7:30 am ()

Share this!